2013-07-22 09:41:31

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 22 Յուլիսի Թուիթը` ''Սիրտս Ուրախութեամբ Լեցուն Է''։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 22 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8,53-ին առաքելական ճամբորդութեամբ մեկնեցաւ Պրազիլ մասնակցելու` Երիտասարդութեան Համաշխարհային 28րդ օրուայ տօնակատարութիւններուն։
Այս առթիւ Քահանայապետական թուիթերեան կայքի վրայ լոյս տեսաւ թուիթ մը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ ՃՄՃ-ի համահաւաքին մասնակցելու.


Մի քանի ժամէն կը ժամանեմ Պրազիլ եւ սիրտս լի է ուրախութեամբ որովհետեւ ձեր հետ միասին պիտի տօնախմբեմ երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրը:


Պրազիլ Ժամանելու ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը.

Այսօր կը սկսինք սքանչելի շաբաթ մը Րիօյի մէջ որ առիթ մըն է Յիսուս Քրիստոսի հետ մեր բարեկամութիւնը խորացնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.